Bible

Power Up

Your Services with User-Friendly Software

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

2 Corinthians 8

:
Armenian - 2019
1 Եղբայրնե՛ր, կ՚ուզեմ որ գիտնաք՝ թէ Աստուծոյ շնորհքը ի՛նչպէս ինքզինք կը յայտնէ Մակեդոնիայի եկեղեցիներուն մէջ։
2 Հակառակ իրենց կրած նեղութեան եւ ծանր փորձութեան, մեծ եղաւ իրենց ուրախութիւնը, եւ հակառակ իրենց ծայր աստիճան աղքատութեան՝ չափազանց առատաձեռն եղան։
3 Ես կը վկայեմ, թէ կամաւոր կերպով տուին՝ իրենց կրցածին չափ եւ նոյնիսկ իրենց կարելիութենէն աւելի։
4 Թախանձագին կ՚աղաչէին, որ շնորհք ընենք եւ ընդունինք Երուսաղէմի եղբայրներուն ղրկուելիք օգնութեան իրենց բաժինը։
5 Մեր ակնկալածէն շատ աւելին ըրին. նախ՝ իրենք զիրենք յանձնեցին Տիրոջ, եւ ապա՝ Աստուծոյ կամքով՝ նաեւ մեզի։
6 Ահա թէ ինչո՛ւ աղաչեցինք, որ Տիտոս ձեր մէջ եւս շարունակէ եւ ամբողջացնէ սկսուած այս աստուածահաճոյ գործը։
7 Դուք ամէն բանով գերազանց էք ուրիշներէն.– հաւատքով, Աստուծոյ խօսքին քարոզութեամբ, գիտութեամբ, փութաջանութեամբ եւ մեզի հանդէպ ձեր ցուցաբերած սիրով։ Կ՚ուզենք որ այս աստուածահաճոյ գործին մէջ եւս գերազանցըլլաք։
8 Ասիկա իբրեւ հրահանգ չէ որ կու տամ, այլ՝ ուրիշներուն ցուցաբերած փութաջանութիւնը կը յիշեցնեմ՝ ձեր սիրոյն հարազատութիւնը փորձելու համար։
9 Արդարեւ, դուք գիտէք թէ մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս ի՜նչ շնորհք ըրաւ մեզի. ինք որ հարուստն էր՝ աղքատացաւ ձեզի համար, որպէսզի իր աղքատանալովը դուք հարստանաք։
10 Այս ուղղութեամբ իմ թելադրութիւնս հետեւեալն է, ձեր բարիքին համար.– Դուք՝ որ ո՛չ միայն առաջին ձեռնարկողը, այլ նաեւ առաջին կամեցողը եղաք, դեռ անցեալ տարուընէ,
11 հիմա լաւ կ՚ըլլայ որ ձեր սկսածը ամբողջացնէք։ Եւ այն յօժար կամքով որ նախաձեռնեցիք՝ այնպէս ալ ամբողջացուցէք, ձեր ունեցածին չափովը տալով։
12 Կը բաւէ որ նուիրելու յօժարութիւնը ունենաք, եւ Աստուած կ՚ընդունի ձեր նուէրը, եթէ ձեր ունեցածին համապատասխան է. որովհետեւ ձեր չունեցածը չ՚ըսպասեր ձեզմէ։
13 Բնաւ չեմ ուզեր ձեզ նեղութեան մատնել՝ ուրիշներու բեռը թեթեւցնելու համար. այլ կ՚ուզեմ որ հաւասարութիւն ըլլայ։
14 Կ՚ուզեմ որ ներկայիս ձեր վայելած առատութիւնը ծառայէ անոնց կարիքներուն, որպէսզի նաեւ անոնց առատութիւնը ձեր կարիքներուն ծառայէ, եւ այդ ձեւով հաւասարութիւն ըլլայ.
15 ճիշդ ինչպէս Սուրբ գիրքին մէջ կ՚ըսուի. «Շատ հաւաքողին քով չաւելցաւ, եւ քիչ հաւաքողին քով չպակսեցաւ»։
16 Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ, որ ձեր մասին մեր ունեցած նախանձախնդրութիւնը դրաւ նաեւ Տիտոսի սրտին մէջ։
17 Տիտոս ո՛չ միայն մեր խնդրանքը չմերժեց, այլ՝ մեծ պատրաստակամութեամբ փութաց ձեր քով։
18 Անոր հետ ղրկեցինք նաեւ այն եղբայրը, որուն Աւետարանի քարոզութեան գործին մէջ ունեցած համբաւը ծանօթ է բոլոր եկեղեցիներուն ։
19 Անշուշտ գիտէք նաեւ, թէ անիկա եկեղեցիներուն կողմէ ընտրուեցաւ՝ մեզի ճամբորդակից ըլլալու համար աստուածահաճոյ այս գործին մէջ, որ կը կատարենք Տիրոջ փառքին համար, եւ ուրիշներուն օգնելու մեր պատրաստակամութեան իբրեւ արտայայտութիւն։
20 Շարունակ կը զգուշանանք, որ չըլլայ թէ մէկը բիծ մը բերէ մեր վրայ՝ այս մեծ գումարին մատակարարման վերաբերմամբ, որ մեզի յանձնուեցաւ։
21 Որովհետեւ մեր մտահոգութիւնն է ուղղամիտ ըլլալ՝ ո՛չ միայն Տիրոջ առջեւ, այլ նաեւ՝ մարդոց։
22 Անոնց հետ ղրկեցինք նաեւ մեր ուրիշ մէկ եղբայրը։ Մենք բազմաթիւ անգամներ փորձած ենք զայն եւ միշտ ալ օգնելու պատրաստակամ գտած. իսկ հիմա որ մեծ համարում ունի ձեր վրայ՝ շատ աւելի պատրաստ է օգնելու։
23 Արդ, եթէ Տիտոսի համար հարցնէք՝ մտերիմս է եւ գործակիցս, ձեզի օգնելու համար։ Գալով միւս եղբայրներուն, անոնք եկեղեցիներուն կողմէ ղրկուած ներկայացուցիչներ են, Քրիստոսի փառքին համար աշխատող։
24 Ուստի ձեր սիրոյն ապացոյցը տուէք եւ ձեր մասին մեր արտայայտած պարծանքին իրաւ ըլլալը ցոյց տուէք անոնց, բոլոր եկեղեցիներուն դիմաց։